2015-04-03 10:37:00

Քոլոսսէումի մէջ` Ճանապարհ Խաչիի արարողութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) 3 Ապրիլ 2015-ին Աւագ Ուրբաթ է. Օրը նուիրուած է Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։ Յետ միջօրէի ժամը 5.00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։

Իսկ երեկոյեան ժամը 9.15ին, Հռոմի երկհազարամեայ ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ արարողութեան ներկայ գտնուող բոլոր հաւատացեալներուն։  

Յայտնենք որ 2015 տարուայ ճանապարհ Խաչիի 14 կայաններու խորհրդածութիւնները յանձնուած են Նովարայի երբեմնի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ռէնաթօ Քորթիի, որ խորհրդածութիւններու որպէս նիւթ ընտրած է ''Խաչը  պայծառ գագաթնակէտը մեզ պահպանող Աստուծոյ սիրոյն։ Մենք ալ կանչուած ենք ըլլալու սիրոյ պահապաններ''։

Խորհրդածութիւններու ընդմէջէն գերապայծառ Ռէնաթօ Քորթի կը խօսի աշխարհը յուզող զանազան նիւթերու մասին ինչպէս` կրօնական հալածանքները, անարդարութիւնը, ընտանիքը, տառապանքը եւ մանուկներու շահագործումը։

Խորհրդածութիւնները կեդրոնացած են` Աստուծոյ սիրոյն վրայ. Սէր` որ է նուիրում եւ որ յատկապէս մեզի կ՛ընծայուի Խաչեալ Յիսուսի միջոցաւ։ Այս սիրոյ դիմաց ուստի կայ հրաւէր մը` մեր կարգին դառնալու պահապանները արարչութեան ու ամէն անհատի։

Խաչի ծանրութեան տակ գտնուող Յիսուսի մէջ կարելի է տեսնել, բանտարկուած այրեր եւ կիներ, դատապարտուած կամ հարստահարուած  հաւատացեալներ եւ կամ արդարութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր յանձնառու անձեր։

Քրիստոսի չարչարանքին ու անձկութեան մէջ կարելի է շօշափել առանձնութեան, լքուածութեան, անտարբերութեան եւ հիւանդութեան վէրքերը։ Մարդեղացած Աստուծոյ տանջանքին մէջ կան` ատելութենէն, սրտի կարծրութենէն եւ կեղծաւորութենէն վիրաւորուած մարդիկ, ինչպէս նաեւ չարաշահուած մանուկներ։ 

Գերապայծառ Ռէնաթօ Քորթիի խորհրդածութիւնները ապա կը կեդրոնանան ''կիներու'' վրայ ու անոնց եկեղեցւոյ մէջ ներկայութեան, Մարիամին` գողգոթայի ողբերգութեան դերակատարին յանձնելով ժամանակակից ընտանիքը եւ ''Ընտանիքի'' մասին գումարուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։

Ճանապարհ Խաչիի խորհրդածութիւններու ընդմէջէն  Գեղապայծառ Քորթի կ՛ուզէ վերարծարծել համայն մարդկային ընտանիքին համար` Յոյսի Աստղը։

14 կայաններու հանգրուաններուն խաչը պիտի շալկեն զանազան անձինք, որոնց շարքին` բազմանդամ ընտանիք մը, որդեգրուած զաւակներով ընտանիք մը, Իրաքէն մայրապետներ, Սուրիայէն, Նիճերիայէն եւ Եգիպտոսէն աշխարհականներ, Չինացի զոյգ մը, Սուրբ Երկրէն կղերականներ եւ Լատին ամերիկայէն կրօնաւորուհիներ։

Վերջին Կայանին խաչը կը յանձնուի Հռոմի Տեղապահ արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.